2013-10-02 10:50:35

Ասիզին Եւ Վերջին Երեք Քահանայապետները` ''Երկխօսութիւն, Դարձ Եւ Աղքատութիւն'' Խաղաղութեան Ի Սպաս։


Երանելի Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի, 27 հոկտեմբեր 1986-ին, Ասիզիի մէջ կազմակերպած ''աղօթքի օրը'', մասնակցութեամբ բոլոր կրօններու ներկայացուցիչներուն, անմոռանալի դէպք մը հանդիսացաւ որ երկխօսութեան նոր հանգրուան մը բացաւ կրօններու առջեւ եւ նոր գիտակցութիւն մը յառաջ բերաւ հաստատելով որ Աստուած բոլոր մարդոց համար խաղաղութիւն կը հայցէ, հետեւաբար կարելի չէ յանուն Աստուծոյ պատերազմ կամ բռնութիւն բանեցնել։Այդ Օրը դարձաւ մարդկային ցեղին համար օրհնութեան օր։

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետն ալ յատուկ եւ անձնական կապ մը ունեցած է Ասիզացի Սուրբ ֆրանչիսկոսին հետ։ Եթէ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ին համար ''Ասիզին'' հոմանիշ եղած է կրօններու միջեւ հանդիպումի եւ երկխօսութեան Պենետիկտոս ԺԶ -ի համար Սուրբ Ֆրանչիսկոսը Աւետարանի ճշմարիտ վկան համարուած է։

Արդարեւ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը հմայքով վերյիշած է միշտ ս. ֆրանչիսկոսի դարձն ու կոչումը։ Ան վեց տարուայ քահանայապետութեան ընթացքին կատարած 111 ճառերուն մէջ, միշտ վերակոչած է Ասիզիի Սուրբը ու զայն ներկայացուցած որպէս Աւետարանի ճշմարիտ վկայ։
Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը, 17 հոկտեմբեր 2007-ին, Ասսիզիի իր ուխտագնացութիւնը սկսաւ այն վայրէն, ուր սկիզբ առաւ ու հասունցաւ ս. ֆրանչիսկոսին դարձը եւ այդ օրուան բոլոր ճառերը կեդրոնացած էին Սուրբին դարձին ու կեանքի արմատական փոփոխութեան վրայ։

Իսկ Պերկոլիօ Քահանայապետի կապը Ասիզիի Սուրբին հետ սերտօրէն առընչուած է իր իսկ ընտրած անունին` ֆրանչիսկոս։
ֆրանչիսկոս Քահանայապետին համար Ասսիզիի Սուրբը կը խորհրդանշէ աղքատսիրութիւնը, որու միջոցաւ Սուրբը աշխատեցաւ բարեփոխել Աստուծոյ Եկեղեցին։
Եթէ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը շատ կը սիրէ ''դարձ'' բառը Պերկոլիօ քահանայապետը զայն կը լրացնէ յետիններու հետ ''հանդիպում'' բառով։
Իրեն նախորդ` Յովհաննէս Պօղոս Բ -ի նման, ֆրանչիսկոս Քահանայապետը եւս` պայծառ տեսութիւն մը ունի համաշխարհային խաղաղութեան հանդէպ, որուն կանչուած են բոլոր կրօնները։ Յարգել խաղաղութիւնը, որովհետեւ ինչպէս անցեալ 18 օգոստոս 2013-ին, Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքին ընթացքին հռչակած էր` ''հաւատքն ու բռնութիւնը իրարու հետ անհաշտ են''։

ֆրանչիսկոս Քահանայապետը յառաջիկայ 4 հոկտեմբերին Ասսիզի կատարած ուխտագնացութեան ընթացքին պիտի արձագանգէ Խաչեցեալին հրամանը. ''ֆրանչիսկոս գնա' եւ նորոգէ իմ Եկեղեցին'', ինչպէս նաեւ Ասիզիի Սուրբին աղքատասիրութիւնը, որուն շնորհիւ Ս. ֆրանչիսկոս կը նկատուի ''համաշխարհային եղբայր''։

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը 1959-ի համալսրանական իր աւարտաճարին մէջ գրած էր. ''Եկեղեցին պիտի պարտադրուի վերապրիլ ս. ֆրանչիսկոսի նման, որ աւելի Աստուածաճանաչ էր քան իր ժամանակակից բոլոր վարդապետները, որովհետեւ ան գիտէր ''սիրել''։ Ժամանակակից քրիստոնեան ալ կանչուած է յարելու Աւետարանին ու անոր երանութիւններուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.